2017-04-28 08:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս առաքելական ճամբորդութիւնը` 28 եւ 29 ապրիլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 28 ապրիլ 2017-ին առաւօտեան սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս կատարելիք առաքելական երկօրեայ պատմական ճամբորդութիւնը որ կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 18-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը ու այցելած 27-րդ երկիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Եգիպտոս այցելած է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 2000 թուականին։

Ֆրանչիսկոս Պապ եգիպտոսը կ՛այցելէ ընդառաջելով Եգիպտոսի նախագահ` Ալ Սիսիի, Ալ Ազհար Համալսարանի Աւագ Իմամի, Ղպտիներու Պատրիարք Թաուատրոս Բ Պապին եւ Եգիպտոսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու հրաւէրներուն։ Առաքելական սոյն այցելութիւնը ունի երեք բնոյթ` հովուական, միջկնրօնական ու համամիութենական։

Եգիպտոսի 88 միլիոնէ աւելի կազմուած բնակչութեան մեծամասնութիւնը Սիւննի իսլամներ են (89 առ հարիւրը), մինչ քրիստոնեայ Ղպտիները կը կազմեն բնակչութեան 10 առ հարիւրը ու կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան 0,28 առ հարիւրը։ Ղպտի Եկեղեցին հիմնուած է Մարկոս աւետարանիչի քարոզութեամբ 63 թուականին։

Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ 5 ճառեր։ Անոր պիտի ընկերանան բացի Պետական Քարտուղարէն ու Վատիկանի այլ պետական յանձնակատարներէն, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Քահանայապետկան միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Ժան Լուի Թոռան եւ Քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Քիւրտ Քոքը, ինչպէս նաեւ 75 լրագրողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.